ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒՄԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԷ ԻՐ ՆՍՏԱՑՈՅՑԸ` ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՎ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ԻՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Միքաթի` Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին հետ հանդիպման ընթացքին

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին վարչապետարանին առջեւ գործադրեց իր նստացոյցը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով սեփական դպրոցներու ուսուցիչներ եւ աշխատաւորներ, որոնք իրենց պահանջները արտայայտեցին զանազան պաստառներով:

Վարչապետարանին առջեւ կազմակերպուած այս նստացոյցին շնորհիւ կարելի եղաւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ հանդիպում մը ապահովել:

Նշենք, որ Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքան, Պետական պաշտօնեաներու լիկան, Արհեստից եւ արուեստից դպրոցներու ուսուցիչներու լիկան, Պետական դպրոցներու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկան եւ Ուսուցիչներու լիկաներու կեդրոնական խորհուրդը կը կազմեն Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին պահանջները, ինչպէս նաեւ յստակ մերժում արտայայտուեցաւ աշխատավարձերու յաւելման վերաբերող կառավարութեան որոշումին նկատմամբ:

Հանդիպումէն ետք Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթի տեղեակ պահած է աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասը, թէ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը մաս պիտի կազմէ Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին:

Մահֆուտ նշեց, որ այդ պարագային միայն կարելի կ՛ըլլայ երկխօսութիւն կատարել:

Ան աւելցուց, որ իրենք հանդիպում մը պիտի ունենան աշխատանքի նախարարին հետ:

Իր կարգին, Պետական դպրոցներու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ` հանդիպելէ ետք վարչապետ Միքաթիի հետ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն վտիտ եւ ճղճիմ թիւերը, որոնք երբեք չեն յարմարիր երկրին մէջ տիրող եւ աւելի եւս սաստկացող սղաճին:

Ղարիպ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է աշխատաւորներուն եւ ուսուցիչներուն փորձառութիւնը յարգել, ինչպէս նաեւ բոլոր պաշտօնեաներուն հետ հաւասարապէս վարուիլ, առանց խտրութեան:

Ան մերժեց նաեւ բոլոր տեսակի տուրքերը, յատկապէս անոնք, որոնք կրնան պարտադրուիլ յաւելուած արժէքին եւ վառելանիւթի սակերուն վրայ:

Ղարիպ ընդգծեց, որ պէտք չէ լիբանանցիներուն վրայ բեռցնել երկրին դիմագրաւած պետական պիւտճէի բացին բոլոր տուրքերը:

Ղարիպ ընդգծեց, որ իրենք կը մերժեն աշխատավարձի յաւելումը, որուն որոշումը մեռած ծնած է, «իսկ մեռելը կը պատուեն` զայն յուղարկաւորութեան արարողութեան արժանացնելով», շեշտեց Ղարիպ:

Անդրադառնալով վարչապետ Միքաթիի հետ իրենց հանդիպումին` Ղարիպ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի համոզուած է, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը պէտք է ներկայ գտնուի Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին մէջ, որպէսզի ան մասնակից դառնայ խորհրդակցութիւններուն եւ իր խօսքը լսելի դարձնէ:

Ղարիպ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ աշխատավարձերու յաւելման առումով, վարչապետ Միքաթի անշեղ կը մնայ կառավարութեան տուած որոշումէն եւ անոր գործադրութեան յանձնառու է. ան աւելցուց սակայն, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կը մերժէ այդ որոշումը:

Միւս կողմէ, Մահֆուտ նկատել տուաւ, որ սեփական դպրոցներու կարգ մը ուսուցիչներու վրայ ճնշում բանեցուած է եւ անոնց դէմ սպառնալիքներ ուղղուած են, որպէսզի դասադուլին եւ նստացոյցին չմասնակցին:

Իր խօսքը ուղղելով սեփական դպրոցներու ուսուցիչներուն` Մահֆուտ շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնն ու լիբանանեան օրէնքը դասադուլի եւ բողոքի ցոյց կատարելու իրաւունք կու տայ իրենց. ան բարկութեամբ յայտնեց, որ ոեւէ ուսուցիչի դէմ ճնշում բանեցուցած տնօրէնի կամ պատասխանատուի դէմ դատական հարցեր պիտի յարուցուին:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի եւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկու նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ «Արաբական աշխարհին մէջ տեղեկատուական միջոցներու բարելաւման ցուցանիշներ» նիւթով խորհրդաժողովին մասնակից պատասխանատուներու մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանային գրասենեակի տնօրէն Ապտել Մենեմ Մոհամետ Օսմանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղեկատուական մարզերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Օսման, որ յայտնեց, թէ հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի հաստատած է, որ Լիբանան պիտի մնայ տեղեկատուութեան մարզի եւ խօսքի ազատութեան երկիրը:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Մարոքի դեսպան Ալի Օմլիլ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES