«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ի ԵՒ ՉՈՐՍ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԿՆՔՈՒԵՑԱՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

Յուշագիրի ստորագրման պահուն

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան` Ասպարէզի զարգացման ծրագիրի ծիրին մէջ երէկ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը, որուն նպատակն է պիզնըսի եւ բարձրագոյն կրթութեան մարզին միջեւ շարունակական կապ հաստատելը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» կը հաղորդէ, որ ընկերութեան գլխամասային գրասենեակին մէջ փոխադարձ գործակցութեան յուշագիր մը ստորագրուեցաւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի եւ Երեւանն ու Հայաստանի մարզերը ներկայացնող չորս կրթական հաստատութիւններու ղեկավարներուն միջեւ:

Այդ հաստատութիւններն են` «Հայաստանի պատանեկան նուաճումները» հասարակական կազմակերպութիւնը, «Այ. Էյ. Պի. Սենթըր»ը, «Հաշուապահութեան ուսուցման միջազգային կեդրոն»ը, «Գիւմրիի Մ. Նալբանդեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկ»ը:

Արդէն երեք տարիէ ի վեր Ռալֆ Եիրիկեան այցելութիւններ կը կատարէ հայաստանեան համալսարաններ եւ դասախօսութիւններ կու տայ մարզերուն եւ Երեւանի մէջ գործող շարք մը համալսարաններու ուսանողներու եւ դասախօսական անձնակազմին համար` ներկայացնելով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի յառաջատար փորձը կառավարման մշակոյթի, պիզնըսի զարգացման ռազմավարութեան, ցանցի թեքնիք զարգացման, շուկայադրումի ռազմավարութեան եւ այլ մարզերու մէջ: Սակայն «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի աջակցութիւնը Հայաստանի բարձրագոյն կրթութեան մարզին մէջ մէկ դասախօսութեամբ չի սահմանափակուիր: Պիզնըսի եւ բարձրագոյն կրթութեան մարզին միջեւ շարունակական կապ հաստատելու նպատակով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ը նախաձեռնեց Ասպարէզի զարգացման ծրագիրը:

Ըստ Ռալֆ Եիրիկեանի, կուտակուած փորձառութիւնը երիտասարդ սերունդին փոխանցելու կարեւորութեան գիտակցումը շարժիչ ուժ դարձաւ Ասպարէզի զարգացման ծրագիրի ստեղծման համար: Այս ծրագիրին համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» համագործակցած է ոչ միայն երեւանեան, այլ նաեւ մարզային համալսարաններու եւ կրթական կեդրոններու հետ: Ան նշեց, որ ընկերութեան ամէնէն տարբեր վարչութիւններուն մէջ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» հիւրընկալած է վարժողական ծրագիրներու հետեւող բազմաթիւ ուսանողներ: Ան աւելցուց, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի աշխատակիցները կը դասաւանդեն տարբեր համալսարաններու մէջ: «Ապագային ասիկա պիտի օգնէ բաւարարել աշխատանքի շուկային մէջ առկայ պահանջարկը, իսկ հայաստանցի երիտասարդներուն պիտի օգնէ շարունակել ապրիլ եւ աշխատիլ Հայաստանի մէջ: Այսօր ստորագրուող փոխըմբռնումի համաձայնագիրը 4 համալսարաններու հետ  աւելի շատ ուսանողներու կարելիութիւն պիտի ընձեռէ աշխատանքի շուկային մէջ դառնալու աւելի մրցունակ իրենց մարզին մէջ», յայտնեց «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի տնօրէնը:

 

Share this Article
CATEGORIES