ՔԱՐԹԻՆԿ- ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՇԱԲԱԹ, 22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ` 4-ՐԴ ԵՒ 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, շաբաթ, 22 հոկտեմբերին, «Փիթ Սթափ»ի վազքուղիին վրայ (Զուք) տեղի պիտի ունենան Լիբանանի Քարթինկի ախոյեանութեան 4-րդ եւ 5-րդ հանգրուանի մրցումները: Տեղի պիտի ունենան 9-12 տարեկանի եւ 12-14 տարեկանի 4-րդ եւ 5-րդ հանգրուանի մրցումները (ընդամէնը` 4 մրցում):
Կազմակերպիչ յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մրցումներուն մասնակցիլ փափաքողներուն համար վերջին պայմանաժամ տրուած է ուրբաթ, 21 հոկտեմբեր ժամը 16:30-ը, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք):
CATEGORIES Մարզական

