ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ԳՈՐԾՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աուտրոնիուս Աժուպալիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
«Ուրախ եմ եւ յոյսով, որ ԵԱՀԿ-ի մէջ ձեր նախագահութեան ընթացքին անվտանգութեան եւ համագործակցութեան ապահովման աւելի մեծ արդիւնքներ պիտի արձանագրենք», հանդիպման ընթացքին նշեց Սերժ Սարգսեան:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ ընթացող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն ԵԱՀկ-ի կառոյցներուն կողմէ ցուցաբերուող աջակցութեան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին: Այդ ծիրին մէջ դրական գնահատուեցան Սոչիի եռակողմանի հանդիպման արդիւնքները:
ԵԱՀկ-ի գործող նախագահը նշեց, որ պէտք չէ կանգ առնել եւ անհրաժեշտ է այդ դրական մեկնակէտէն բանակցութիւնները շարունակել:
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` ընդունելով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը, յայտնեց, որ Հայաստանի դիրքորոշումը կը համապատասխանէ ԵԱՀկ-ի շրջանակներուն մէջ ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերեալ կատարուած բոլոր յայտարարութիւններուն:
ԵԱՀԿ-ի գործոց նախագահ Աժուպալիս ներկայացուց ԵԱՀԿ-ի լիթուանական նախագահութեան առաջնահերթութիւնները եւ նախատեսուող քայլերը: Ան վերահաստատեց իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական գործունէութեան, անոնց կողմէ կատարուած առաջարկներուն եւ կոչերուն, մասնաւորաբար` շփման գիծէն արձակազէնները հեռացնելու կոչին:
Երկու կողմերը շեշտեցին, որ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ բանակցային լուծումը այլընտրանք չունի: Է. Նալբանդեան եւ Ա. Աժուպալիս քննարկեցին տագնապի գօտիին վրայ անվտանգութեան ամրապնդման առնչուող հարցեր: