ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ԹԵՀՐԱՆԻ՞ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ
Իրանական լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի հանդիպին Թեհրանի մէջ` Նովրուզի տօնակատարութիւններուն ժամանակ, որոնք տեղի պիտի ունենան 20-էն 21 մարտի լուսցող գիշերը:
Հրաւիրեալներու շարքին կը գտնուին նաեւ Թիւրքմենիստանի, Տաճիկիստանի, Աֆղանիստանի նախագահները, ինչպէս նաեւ Քաթարի եւ Օմանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Իրանական նոր տարուան կամ գարնանամուտի արարողութիւնները պիտի ղեկավարէ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ:
CATEGORIES Հայկական