ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑՆԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատեց ազգային միասնականութիւն յառաջացնելու պաղեստինեան ջանքերը` յայտնելով, որ պաղեստինցի չափաւորականները պէտք է Իսրայէլի հետ խաղաղութեան եւ Համասի հետ հաշտութեան միջեւ ընտրանք մը կատարեն:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս մէկ օր առաջ առաջարկած էր Կազա այցելել եւ Համասի հետ նոր կառավարութիւն մը կազմել:

«Ինչպէ՞ս կրնաս Իսրայէլի հետ խաղաղութեան եւ միաժամանակ մեր քանդումը պահանջող Համասի հետ խաղաղութեան կողմնակցիլ», հարց տուաւ Նեթանիահու` աւելցնելով. «Քայիտայի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կրնա՞ս երեւակայել: Անշուշտ ոչ»:

Share this Article
CATEGORIES