ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը արաբական աշխարհը ալեկոծած ըմբոստութիւններուն սկիզբէն ի վեր իր առաջին պատկերասփռուած ճառին մէջ իր թագաւորութեան բնակչութեան նիւթական յատկացումներ եւ բարեփոխումներ խոստացաւ:
86-ամեայ Ապտալլա թագաւորը, որ հազուադէպօրէն պատկերասփռուած ճառ կ՛արտասանէ, կէսօրուան նամազէն ետք իր թագաւորութեան բնակիչներուն եւ ապահովական ուժերուն շնորհակալութիւն յայտնեց` երկրին կայունութեան «ձեռքերը» ըլլալնուն համար:
Թագաւորին ճառէն ետք հաղորդավարներ կարդացին նուազագոյն ամսականի յաւելում, նիւթական պարգեւներ եւ փտածութեան դէմ պայքար խոստացող հրամանագիրներու շարք մը:
CATEGORIES Միջազգային


