ԵՄԷՆԵԱՆ ՈՒԺԵՐ 41 ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՆ
Եմէնեան ապահովական ուժեր եւ կառավարամէտ զինեալներ սպաննեցին 41 ցուցարարներ եւ վիրաւորեցին 200 ուրիշներ, երբ կրակ բացին մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ուրբաթ օրուան նամազէն ետք տեղի ունեցած ցոյցի մը վրայ:
Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ Սանաայի մէջ մասնակցեցան երկու տարբեր ցոյցերու: Նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հակառակորդները «Զգուշացման ուրբաթ» նշանաբանով ցոյց մը կը կատարէին, իսկ նախագահին համակիրները` «Համաձայնութեան ուրբաթ» նշանաբանով ցոյց մը, մինչ գործարարներ շրջանառութեան մէջ դրին նախագահին եւ ցուցարարներուն միջեւ ստեղծուած անել կացութեան վերջ տալու առաջարկ մը:
Ի տես այս զարգացումներուն, նախագահ Սալեհ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց:
CATEGORIES Միջազգային