ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ՔԱԿ-Ի ԴԷՄ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՇՂԹԱՅԱԶԵՐԾԷ. ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
Թուրքիոյ բանակը յայտարարեց, որ օդուժի եւ 10 հազար զինուորներու մասնակցութեամբ հարաւարեւելեան Թուրքիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ լայնածաւալ գործողութիւն մը շղթայազերծած է:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ ընդդիմադիր մեծագոյն կուսակցութեան, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու պահանջեց, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը 26 զոհ եւ 22 վիրաւոր պատճառած ՔԱԿ-ի յարձակումին պատճառով հրաժարի:
Ան նշեց, որ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը երկրին կարիքները չի բաւարարեր եւ անկարող է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ անջատողական կազմակերպութեան վերջ տալու»: Քըլըճտարօղլու նաեւ պահանջեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին գնահատական մը տալու եւ զայն ուսումնասիրելու խորհրդարանական յատուկ յանձնախումբ մը կազմուի:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզօղլու «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «ըստ երեւոյթին, գոյութիւն ունին ուժեր, որոնք չեն ուզեր, որ Թուրքիա իր խիղճին ու ազատ կամքին թելադրածը կատարէ, եւ ամէն անգամ, որ այդ պատահի, այս հարցը շարժումի կը դրուի»` նշելով, որ «տրամաբանութիւնը կը թելադրէ, որ ասոնք (ՔԱԿ-ի զինեալները. «Ա.») իրենց զէնքերը տեղէ մը կ՛առնեն»:
Հիւրմիւզօղլու մերժեց ՔԱԿ-ին զօրակցող երկիրները կամ կողմերը նշել, սակայն ըսաւ, որ իր երկիրը «բարկացած է եւրոպական եւ շրջանային կարգ մը երկիրներէ, որոնք աչք կը խփեն կամ զանոնք կը մղեն այս ընթացքը որդեգրելու»:
Միւս կողմէ, թրքական «Իխլաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պիթլիսի մէջ ոստիկանական ինքնաշարժ մը ականահարումի ենթարկուած է: Ինքնաշարժին մէջ գտնուող ոստիկանները վիրաւորուած են, իսկ թրքական ապահովական ուժերը դէպքին վայրը պաշարած ու հետաքննութեան սկսած են:
Մինչ այդ, Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարի տեղակալ Նաճիրֆան Պարզանի Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին դատապարտեց ՔԱԿ-ի զինեալներուն կողմէ Կորճայք նահանգին մէջ կատարուած յարձակումը` շեշտելով, որ իրաքեան սահմանադրութիւնը չ՛արտօներ Իրաքի հողամասերը իր դրացիներուն դէմ օգտագործելը:
Ան յայտնեց, որ Հիւսիսային Իրաքի շրջանային վարչակազմի նախագահ Մասուտ Պարզանի մօտ օրէն Թուրքիա պիտի այցելէ` շեշտելով, որ Անգարայի հետ բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի:

