ՔԱԶԶԱՖԻ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՒ

Քազզաֆին` սպաննուած

Լիպիան 42 տարի շարունակ բռնատիրական իր իշխանութեան տակ պահած Մոամմար Քազզաֆի երէկ իր ծննդավայր Սըրթի մէջ սպաննուեցաւ, երբ ըմբոստներու ուժերը գրաւեցին քաղաքը: 69-ամեայ Քազզաֆի արաբ առաջին ղեկավարն է, որ «Արաբական գարուն»ի ընթացքին կը սպաննուի: Սպաննուեցան նաեւ անոր որդիները` Մոհթասեմն ու Սէյֆուլ Իսլամը:

Լիպիոյ վարչապետ Մահմուտ Ժըպրիլ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «այս պահուն երկար ատենէ ի վեր սպասեցինք, Մոամմար Քազզաֆի սպաննուած է»:

Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Քազզաֆի շքախումբով մը փորձած է փախուստ տալ Սըրթէն, սակայն ՕԹԱՆ-ի օդուժին կողմէ յարձակումի ենթարկուած է: Ըստ այլ տեղեկութեանց, ըմբոստներն են, որոնք յարձակում գործած են անոր շքախումբին վրայ: Հետագային «Սումուտ» պատկերասփիւռի կայանը սփռեց վիտէօ երիզ մը, որ ցոյց կու տար, թէ Քազզաֆի իր սպանութենէն առաջ ձերբակալուած է:

Անոր դիակը փոխադրուեցաւ Միսրաթա, որ իր ուժերուն կողմէ ամիսներով պաշարուած եւ բուռն ռմբակոծումներու ենթարկուած էր:

Քազզաֆիի ճակատագիրին շուրջ հակասական տեղեկութիւններ հաղորդուեցան: Միսրաթայի զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, որ իր զինեալները ձերբակալած են Քազզաֆին, իսկ մարտական այլ ղեկավար մը` Ապտել Պասիթ Հարուն յայտնեց, որ Քազզաֆի սպաննուեցաւ, երբ իր շքախումբը օդային յարձակումի ենթարկուեցաւ: Մարտական այլ բանբեր մը «Ժազիրա»ին յայտնեց, որ Քազզաֆի վիրաւոր էր եւ փորձեց դիմադրել, ուստի ըմբոստները ստիպուեցան զինք սպաննել: «Բոլորին կը վստահեցնեմ, որ այս պատմութիւնը վերջ գտած է եւ գիրքը` փակուած», ընդգծեց բանբերը:

Մահմուտ Ժըպրիլ Լիպիոյ ժողովուրդին կոչ ուղղեց երկրի վերակառուցման համար միասնականութիւն ցուցաբերելու: Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտնեց, որ «Մոամմար Քազզաֆիի սպանութենէն ետք լիպիացիներուն առջեւ փայլուն ապագայ մը կառուցելու առիթ մը գոյութիւն ունի»: Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի յայտարարեց, որ «Լիպիոյ պատերազմը վերջ գտաւ»: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ Քազզաֆիի սպանութեամբ Լիպիոյ մէջ պատմական շրջադարձ մը արձանագրուած է: «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան կարծիքով` Լիպիոյ հարցը վճռուեցաւ, երբ Թրիփոլի գրաւուեցաւ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր կարգին յայտնեց, որ Քազզաֆիի սպանութեամբ Լիպիոյ պատմութեան մէջ ցաւալի էջ մը կը փակուի:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն չորեքշաբթի օր Լիպիա այցելելով յոյս յայտնած էր, որ Քազզաֆի ձերբակալուի կամ սպաննուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES