ՍՈՒՐԻԱ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Արաբական լիկան յայտարարեց, որ սուրիական կառավարութիւնը համամտութիւն յայտնած է յառաջիկայ չորեքշաբթի Սուրիոյ տագնապը լուծելու համար Արաբական լիկային` Քաթարի գլխաւորութեամբ կազմած նախարարական յանձնախումբի այցելութեան:

Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Քաթարի, Օմանի, Ալճերիոյ, Սուտանի, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարները եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի:

Share this Article
CATEGORIES