ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հարաւային Քորէայի դեսպան Եոնկ Կի Քիմի հետ: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ: Պըրրիի այցելեց նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ` ընկերակցութեամբ Գաղթականներու օժանդակութեան ֆոնտի նախագահ Ֆատի Արամունիի: Ան ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որ Պըրրիի ներկայացուց Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

ԱՅՆ Ռըմմանէի մէջ գտնուող Ժիհատ Հալլաքի ինքնաշարժներու ցուցասրահին վրայ արձակուած կրակոցներ պատճառած են երկու վիրաւոր: Լիբանանեան բանակը անմիջապէս փութացած է դէպքին վայրը եւ հակակշիռի տակ առած կացութիւնը: Իր կարգին, Կարմիր Խաչը հասած է վիրաւորներուն օգնութեան եւ զանոնք հիւանդանոց փոխադրած:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոքէ կարելի է զիջիլ` աւելցնելով, որ լիբանանեան խճանկարը կարելի չէ ամբողջական տեսնել, եթէ լիբանանեան կողմերէն մէկը զիջինք:

ԸՍՏ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պիտի չենթարկուի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի պայմաններուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի պատասխանատուներէն, նկատել տուաւ, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շեշտած է, որ Հըզպալլայի անդամներուն մէջ գործակալներու բացայայտումը Դիմադրութեան մեծ վնաս չէ պատճառած:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Սուրիա նախագահ Պաշշար Ասատի իմաստութեամբ շատ աւելի հզօր դուրս պիտի գայ իր դիմագրաւած տագնապէն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ Մոսկուայի մէջ դրուատեց Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ի նպաստ Սուրիոյ Ռուսիոյ որդեգրած կեցուածքը, որ սանձեց ամբողջ շրջանին տիրապետելու ոմանց ախորժակները: Ան ողջունեց Ռուսիան` Լիբանանի վերաշինութեան համար ի գործ դրած իր ճիգերուն համար:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ կառավարութեան ընթացքը առողջ չէ. ան աւելցուց, որ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին վաւերացումը ուշացնելու պատճառը Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման շուրջ տիրող տարակարծութիւնն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը մնայուն կերպով պիտի ըլլայ Լիբանանի  եւ արաբական ու իսլամական աշխարհի պաշտպան վահանը:

ԶՕՐ. Ժամիլ Սէյիտ իր խօսքը ուղղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի յայտնեց, որ այս հանգրուանը խաղերու հանգրուան չէ, այլ` լրջութեան հանգրուան:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է իրեն բաժին ինկած պարտաւորութիւնը ստանձնէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման առումով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ դէպքերը փաստած են, որ կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն չէ:

 

Share this Article
CATEGORIES