ՀԱԶԻՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ

Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ շրջանին մէջ ամերիկեան-իսրայէլեան դերակատարութիւնը` համայնքային եւ յարանուանական լարուածութիւնները գրգռելու առումով:

Ապատի ակնարկեց նաեւ այն դատապարտումներուն, թէ Իրան ծրագրած է Ուաշինկթընի սէուտցի դեսպանը մահափորձի ենթարկել` ըսելով, որ Թեհրան ամերիկացիներէն փաստեր պահանջած է այդ հարցին առնչութեամբ, սակայն տակաւին ան ոչինչ ստացած է:

Միւս կողմէ, Ապատի նկատել տուաւ, որ շրջանին մէջ կը տիրէ զգայուն կացութիւն: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ փոփոխութեան ձգտող կողմերը արդէն իսկ ձախողած են եւ յուսախաբ  դարձած:

Իրանի դեսպանը շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդը իր կարգին կը պահանջէ բարեկարգումներ, սակայն չի փափաքիր փոփոխութեան ենթարկել իր վարչակարգը, որ Դիմադրութեան եւ դիմադրութիւններուն զօրակցութեան հիմնասիւներէն է:

Share this Article
CATEGORIES