ՄԱՆՍՈՒՐ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՍԱԼԵՀԻԻ ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որմէ ստացաւ նամակ մը:
Նամակը Մանսուրին յղուած էր իրանցի իր պաշտօնակիցին` Ալի Աքպար Սալեհիի կողմէ եւ կը վերաբերէր Իրանի դէմ ուղղուած ամերիկեան վերջին զրպարտութեան:
Ապատի նկատել տուաւ, որ Մանսուրի հետ քննարկած է նաեւ Սալեհիի Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները:
Մանսուրի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն, որ նկատել տուաւ, թէ արտաքին գործոց նախարարին հետ քննարկած է շարք մը հարցեր, որոնց շարքին նաեւ այն, որ Լիբանան պէտք է յանձնառու մնայ միջազգային իր պարտականութիւններուն, յատկապէս` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման:
Փիեթոն շեշտեց Լիբանանի կողմէ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Մանսուրի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի ծովային սահմաններուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մօտ սուրիական ուժերուն կողմէ գործուած սահմանային խախտումներն ու ոտնձգութիւնները:
«Այս ծիրին մէջ ընդգծեցի, որ Փարիզ կառչած կը մնայ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեցի Լիբանան-Սուրիա սահմանագծումը», ըսաւ Փիեթոն:
Ան հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք Մանսուրի հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն իրավիճակը:
Մանսուրի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիան, որ արտաքին գործոց նախարարին հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին եւ այդ ժողովին ընթացքին Վատիկանի ներկայացուցած տեսակէտին վերաբերող մանրամասնութիւններ


