ՌՈՒՍԻՈՅ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՌԱՊԻԷ

Զօր. Աուն Ռուսիոյ դեսպանին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Զասպիքին մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, որ նշեց, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարին հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններն ու շրջանային եւ միջազգային բեմը յուզող շարք մը հարցեր:

Ալի շեշտեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները հեզասահ կ՛ընթանան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ ապահովութեան կայունութիւնը խախտող եւ հարուածող յանցագործները արդէն իսկ ձերբակալուած են:

Եւ Սուրիոյ դեսպանին հետ

Ան ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի միջեւ խորհրդակցութիւնները մնայուն կերպով կան եւ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ գործակցութիւնը տեւական է ու առողջ:

Ալի ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը, ապահովական իր բոլոր հեղինակութիւններով, պէտք է գործակից ըլլայ երկու երկիրներուն սահմանները պահպանելու, որովհետեւ այդ սահմաններուն պահպանումը երկու ժողովուրդներուն համար միացեալ շահեր կ՛ապահովէ:

Ալի նկատել տուաւ, որ Դամասկոս շատ լուրջ է նախագահ Ասատի ղեկավարութեամբ կատարած իր բարեկարգումներուն մէջ` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութիւնը պիտի վերահաստատուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES