ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ – ՕՄԱՐ ՔԱՐԱՄԷ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Քարամէ եւ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէն, որուն ընկերակցեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Քարամէի հետ հանդիպումը եղած է դրական եւ օգտակար:

Միքաթի նշեց, որ ինք կը զօրակցի Քարամէի եւ կը փափաքի, որ իր զօրակցութիւնը վայելէ` երկրին շահերը իրականացնելու իմաստով:

Իր կարգին, Քարամէ յայտնեց, որ ինք կը փոխադարձէ վարչապետ Միքաթիի այցելութիւնը` աւելցնելով, որ Թրիփոլի անսահման զրկանք տեսած քաղաք մըն է: Ան յաջողութիւն մաղթեց կառավարութեան:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Թունուզի դեսպան Մոհամետ Ֆաուզի Պալլութը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետը ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները:

Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւններուն բարելաւման հեռանկարները:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Միքաթիի աղբիւրներէն, հաստատեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման վերաբերեալ Միքաթի Հըզպալլայի կողմէ յստակ մերժում չէ լսած:

Նոյն աղբիւրները նշած են, որ Միքաթիի նպատակը իր պաշտօնէն հրաժարիլ չէ, ընդհակառակն` անոնք աւելցուցած են, որ վարչապետ Միքաթի տակաւին կը հաւատայ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազին եւ անոր անհրաժեշտութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES