ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԺԵՀԻԹԱՅԻ ՔԱՐԱՅՐ

Նախագահ Սլէյման, Առաջին տիկինը եւ վարչապետ Միքաթի Ժեհիթայի քարայրին մէջ

Աշխարհի եօթը նոր հրաշալիքներուն թեկնածու Ժեհիթայի քարայրին ի նպաստ քուէարկելու լիբանանեան ազգային արշաւին շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի երէկ այցելեցին Ժեհիթայի քարայր:

Նախագահ Սլէյման քարայրէն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` մէկ անգամէ աւելի քուէարկելու ի նպաստ Ժեհիթային:

Իր խօսքը ուղղելով տեղեկատուական միջոցներուն` նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ճիգերուն համար, խնդրելով, որ արտակարգ քարոզարշաւի մը ձեռնարկեն` Ժեհիթայի քարայրին ի նպաստ քուէներ ապահովելու նպատակով:

Նախագահ Սլէյման գովեց Ժեհիթայի քարայրին հրաշալի գեղեցկութիւնը` ընդգծելով, որ ինք պիտի աշխատի օժանդակել Ժեհիթայի քաղաքապետարանին, որպէսզի կարելի ըլլայ բարելաւել քարայր հասնելու ճամբան:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն պահպանելու երկրին կենսոլորտը, իսկ երկիրը պաշտպանելու թշնամիներէն:

Նշենք, որ երէկ կէսօրէ առաջ նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES