ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԱՅԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋ` ՔՈՍՈՎՈՅԻ ԵՒ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅՈՂ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ «ՕԹԱՆ-ի շաբաթ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ նախանցեալ օր կազմակերպուեցաւ պատկերասփիւռային կամուրջ Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող հայ զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն համար:

Պատկերասփիւռային կամուրջի սկիզբը ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Սպառազինութիւններու վերահսկման եւ միջազգային ապահովութեան վարչութեան պետ Սամուէլ Մկրտչեան, Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Չարլզ Լոնտէյլ, Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հանս Եոհեն Շմիտթ եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Ճոն Հեֆըրն:

Դեսպանները բարձր գնահատեցին հայ խաղաղապահներու առաքելութիւնը Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեցին Հայաստանին միջազգային անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար:

Հայաստանի խաղաղապահ ջոկատի հրամանատարի տեղակալ գնդ. Տոնոյեան հակիրճ կերպով ներկայացուց հայ խաղաղապահներու գործունէութիւնը Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ:

Անկէ ետք ուղիղ կապի միջոցով հայ սպաները, զինուորները եւ անոնց հարազատները զիրար ողջունեցին եւ մաղթանքներ փոխանակեցին:

Share this Article
CATEGORIES