ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԾԱՆՕԹԱՑԱՒ ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՈՂ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցաւ մոսկուաբնակ հայ բարերար Քոնսթանթին Մանուկեանի հետ: Քննարկուեցան Շուշիի մէջ իրականացուելիք շարք մը ծրագիրներու հետ կապուած հարցեր:

Այնուհետեւ նախագահը բարերարին եւ խումբ մը պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ այցելեց Շուշի եւ ծանօթացաւ այնտեղ իրականացուելիք շինարարական աշխատանքներուն:

Գտնուելով մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան համար նախատեսուած նոր մասնաշէնքին մէջ, նախագահ Սահակեան նշեց, որ անիկա պէտք է համապատասխանէ ժամանակակից պահանջներուն եւ միաժամանակ պահպանէ իր պատմամշակութային տեսքը:

 

Share this Article
CATEGORIES