ՓԻՐՍ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՆԳԼԻՈՅ 2012-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉ

Սթիւըրթ Փիրս

Անգլիոյ Ողիմպիական կոմիտէին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ անգլիացի միջազգային նախկին յետսապահ Սթիւըրթ Փիրս նշանակուեցաւ Անգլիոյ 2012-ի Ողիմպիականի ֆութպոլի խումբի մարզիչ:

49 տարեկան Փիրս, որ 2007-էն ի վեր Անգլիոյ 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբին մարզիչն է, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ ընտրուեցաւ այդ պաշտօնին համար:

Նշենք, որ ֆութպոլիստի իր ասպարէզին մեծ մասը Նոթինկհամ Ֆորեսթի շապիկը կրած Փիրս 78 անգամ կրած է Անգլիոյ ազգային խումբին շապիկը:

 

Share this Article
CATEGORIES