ՊԵՐԵԶՈՎՍՔԻ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԿԱՊԱՆ
Հայկական լրատու աղբիւրներու համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Խիմքիի (Ռուսիա) բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի յառաջիկայ նոյեմբերի կիսուն պիտի այցելէ Երեւան, ապա` Կապան: Ան անցեալին մաս կազմած է Կապանի Սիւնիք խումբին, ուրկէ փոխադրուած է Ռուսիա:
Կը կարծուի, որ Երեւան – Տապլին ճամբորդութեան ընթացքին Գանձասարի գործադիր տնօրէն Վլատիկ Առաքելեան Պերեզովսքիի հետ ունեցած իր խօսակցութեան ընթացքին, այս այցելութեան շուրջ զրուցած է:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ Պերեզովսքի ռուսական «Սովետսքի Սփորթ»ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսած էր, որ դժգոհ մնալով Խիմքիէն, պիտի տեսակցի ակումբին պատասխանատուներուն հետ:
CATEGORIES Մարզական


