ՔԱԹԱՐԵԱՆ ԵՒ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ` ՌՈՊԵՐ ՓԻՐԵՍՈՎ
Այնպէս կը թուի, որ ֆրանսացի միջազգային նախկին մարզիկ Ռոպեր Փիրես մտադիր չէ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին` նկատի ունենալով, որ ան այժմ կը սերտէ քաթարեան եւ ռուսական ակումբներէն իրեն ներկայացած առաջարկները:
38 տարեկան Փիրես, որ իր ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է բաւական անուանի ակումբներու, այժմ ազատ մարզիկ մը ըլլալով իրեն ներկայացած այդ առաջարկները կը սերտէ` անոնցմէ յարմարագոյնը ընտրելու համար:
Ան եզրափակեց ըսելով, որ եթէ այդ առաջարկներէն որեւէ մէկը զինք չշահագրգռէ, պիտի լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
CATEGORIES Մարզական


