ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ 41 ՄԱՐԶԻԿ ԵՒ 48 ՄԱՐԶԻՉ

Գագիկ Ծառուկեան

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան յատուկ երեկոյի մը ընթացքին պարգեւներ յանձնեց աշխարհի, Եւրոպայի, պատանիներու եւ երիտասարդներու ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ պաշտօնական այլ մրցաշարքերու ընթացքին յաջողութեան հասած մարզիկներուն, անոնց անձնական եւ հաւաքականներու մարզիչներուն (ընդամէնը` 41 մարզիկ եւ 48 մարզիչ):

Իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ պարգեւատրուողները ընդհանրապէս ծանրամարտի, կռփամարտի, ազատ եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի եւ թեքուանտոյի մարզիկներ են:

Ծառուկեան շնորհաւորելով մրցանակակիրները ըսաւ, որ յառաջիկային անոնք այլ պատասխանատու մրցաշարքեր ունին կատարելիք:

 

Share this Article
CATEGORIES