ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՄԻՆԱ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ Դ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ

Մինայի տղոց խումբը

Հիւսիսային Լիբանանի Մինա ակումբը բարձրացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգ` իր կատարած մրցումներուն յաջորդաբար յաղթելէ ետք Շեքքայի, Ափոլօ Պաթրունի եւ Ֆիհաա Թրիփոլիի:

Այս առիթով ակումբի նախագահ Եասեր Ապպուշի պատուեց մարզիչ Ապտալլա Նշապահը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց ակումբին մարզիկները, որոնք իրենց արձանագրած այդ յաղթանակներուն շնորհիւ բարձրացան Դ. դասակարգ: Ան յառաջիկային անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ` Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:

Share this Article
CATEGORIES