ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ՆԱՅՔԻ»Ի 5 ՔՄ ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄ. ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՒԱՐՏԻ ՇԱԲԱԹ, 22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ԺԱՄԸ 18:00-ԻՆ
Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 23 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ 5 քմ վազքի մրցում մը` «Վազէ՛ Պէյրութ» անունին տակ, կազմակերպութեամբ «Եունայթըտ Սփորթց աֆ Լեպանոն»ի, որ Լիբանանի մէջ «Նայքի» ընկերութեան ներկայացուցիչն է:
Կազմակերպիչները երէկ յայտարարեցին, որ ցարդ 3215 անձեր իրենց անունները արձանագրած են` մասնակցելու համար վազքի այս մրցումին: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է շաբաթ, 22 հոկտեմբերի ժամը 18:00-ին, Լիբանանի մէջ գտնուող «Նայքի»ի բոլոր վաճառատուներուն մօտ: Կարելի է նաեւ արձանագրուիլ հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէին ուղարկելով մասնակցողներուն անունները. www.irunbeirut.com
Մասնակցողները պարտին մրցումի սկիզբի վայրը` «Պիել»ի մօտ ներկայ գտնուիլ առաւօտեան ժամը 7:00-ին: Վազքի մրցումը պիտի սկսի ժամը 8:00-ին:
Վազքի այս մրցումը, որուն մասնակցութիւնը ձրի է, «Պիել»էն պիտի սկսի դէպի Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, ապա պիտի վերադառնայ մրցումի սկիզբի վայրը:
Այդ ուղղութեամբ երթուդարձի ճամբաները մինչեւ ժամը 10:00 պիտի մնան փակ:

