ՀՈՒՍԱՄԷՏՏԻՆ ՀԱՐԻՐԻԻ ԱՆՈՒԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Երէկ աւարտեցաւ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան տղոց պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ռիատի Պէյրութի եւ եգիպտական Ահլիի միջեւ:
Լիբանանեան կազմը տիրացաւ տիտղոսին, երեք կէտի տարբերութեամբ` 94-91 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր մրցակիցին:
Լիբանանէն Իսմայիլ Ահմետ նշանակեց 26 կէտ, իսկ Ահլիէն Իպրահիմ Ժամալ` 21 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

