ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. 2011-2012 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ` ԱՌԱՆՑ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ
Չորեքշաբթի, 19 հոկտեմբերին, աւարտեցաւ Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանին մասնակցող մարզիկներու փոխանցումը, ըստ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ճշդուած ժամկէտին:
Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբերը, իրենց շարքերը զօրացուցին առաւելագոյն չափով` իրենց կազմը օժտելով երկու օտար, ինչպէս նաեւ տեղացի մարզիկներով:
Ֆետերասիոնին կողմէ լիբանանեան մարզական օրաթերթերուն ուղղուած պաշտօնական նամակին մէջ, ուր նշուած են Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանին իրենց մասնակցութիւնը բերող բոլոր մարզիկներուն անունները, դժբախտաբար չկայ ոեւէ հայ մարզիկի անուն:
Այսպիսով, այս տարեշրջանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն դժբախտաբար պիտի չտեսնենք կամ չլսենք ոեւէ հայ մարզիկի անուն:
CATEGORIES Մարզական

