ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

Յառաջիկայ 5-13 նոյեմբերին, Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենան աշխարհի ծանրաբարձութեան տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները:

Այս ախոյեանութեան լաւապէս պատրաստուելու համար երկու հաւաքականներն ալ այժմ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարեն` առաւելագոյն արդիւնքը արձանագրելու համար:

Տղոց հաւաքին այժմ կը մասնակցին Վանիկ Աւետիսեան, Սամուէլ Գրիգորեան (69 քկ), Տիգրան Մարտիրոսեան (77 քկ), Հայկ Յակոբեան եւ Ռուբէն Ալեքսանեան (գերծանր կշիռ), իսկ Առաքել Միրզոյեան (77 քկ) եւ Արայիկ Միրզոյեան (85 քկ) իրենց փորձերը կը կատարեն ողիմպիական նախկին ախոյեան Օգսէն Միրզոյեանի հսկողութեամբ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի աղջկանց հաւաքականին, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ ուսումնամարզական հաւաքին կը մասնակցին Իզապելլա Եայլեան (53 քկ), Ալլա Սամուէլեան (58 քկ), Մելինէ Տալուզեան (69 քկ), Հռիփսիմէ Խուրշուտեան եւ Նայիրա Յարութիւնեան (75 քկ եւ վեր):

Share this Article
CATEGORIES