ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. ՆԻՒԹԵՐ ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ (Ը. ՀԱՏՈՐ)
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-տպարանէն նոր լոյս տեսաւ (2011) «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» շարքին Ը. հատորը` պատրաստութեամբ, խմբագրութեամբ եւ ծանօթագրութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի: Երկսիւնակ 495 ծաւալուն էջերով գեղատիպ եւ խնամուած աշխատանքով հրատարակուած այս հատորը նախ պատկառանք կ՛ազդէ` իբրեւ յատուկ աշխատասիրութիւն, ապա մտածել կու տայ իրագործուած տքնաջան աշխատանքին մասին, որ կը շարունակուի տարիներէ ի վեր` իբրեւ անյետաձգելի պարտաւորութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյին:
Խմբագիր Ե. Փամպուքեան բծախնդիր եւ նախանձախնդիր վերաբերումով հակած է այս ծանրակշիռ եւ պատասխանատու աշխատանքին` մոռացութենէ փրկելու եւ գալիք սերունդներուն յանձնելու պատմութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան, թէ ինչպիսի՛ անձնուրաց նուիրաբերումով պաշտպանած է ազգային իրաւունքները, օսմանեան բռնակալ իշխանութեան դիմաց:
Ընթերցողը նոյնիսկ պարզ հայեացքով, էջերուն վրայ ակնարկ մը նետելով պիտի անդրադառնայ 20-րդ դարու առաջին տարիներուն հայ ժողովուրդին ապրած կեանքին, Արեւմտեան Հայաստանէն մինչեւ Կովկաս եւ Կիլիկիա, ուր կազմաւորուած են Արեւմտեան եւ Արեւելեան Բիւրոներ, որոնք կազմակերպած են Ընդհանուր ժողովներ, Պատգամաւորական ժողովներ` քաղաքներու, գիւղերու, այլ շրջաններու մարմիններուն: Հրաւէրներ կ՛ուղղուին ամէնուն, շրջաբերականներով, որոնց բովանդակութիւնը արձանագրուած է այս հատորին մէջ: Կը կարդանք ատենագրութիւններ, տեղեկագիրներ, հարցարաններ եւ անոնց պատասխանները` գրուած ամենայն ուշադրութեամբ եւ կարգապահական պատասխանատուութեամբ: Այս ցոյց կու տայ կուսակցութեան հեղինակութիւնը` աշխատանքները ճիշդ ուղղութեան վրայ տեղադրելու:
Կը դարձնենք էջերը, կը ծանօթանանք աշխարհագրական տարածքներու, ուր կան ՀՅ Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէները: Անոնք կը ստանան հրահանգներ, տեղեկագիրներ կ՛ուղարկուին կեդրոնական մարմիններուն, հաշուետուութեամբ: Կարծես վէպ մըն է մեր կարդացածը: կը շրջինք երկրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք: Տանք քանի մը տեղանուններ, ուր յեղափոխական դաստիարակութեան եւ ազգապահպանման հետեւողական աշխատանքներ կատարած են աչքառու եւ քաջարի դաշնակցական ընկերներ: Վասպուրական, Բարձրաբերդ, Միջնաբերդ, Խարբերդ, Վիշապաձոր, Կ. Պոլիս, Լեռնավայր` անցնելով Կիլիկիա, Ատանա եւ շրջաններ: Չմոռնանք Մարզուանը` Կեսարիան, Զմիւռնիան, ապա կը հասնինք Պալքաններ, հոնկէ` դէպի Միացեալ Նահանգներ: Սա արդէն կարեւոր ցուցանիշ մը` Արեւելքէն Արեւմուտք, Եւրոպայէն Ամերիկա, մինչեւ Լիբանան տարածուած կուսակցական, ազգապահպանման աշխատանքին, ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր այսօրուան թեքնիք դիւրութիւնները չկային, եւ լրատուական միջոցառումները այնքան դժուար կ՛ըլլային գաղտնի ճամբաներով:
Հատորին վերջին 12 էջերուն մէջ արձանագրուած անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկը, այբենական շարքով տպուած, մանրամասնօրէն կը յայտնաբերեն մեզի այն հայկական հողերը եւ բնակավայրերը, ուր հայը ապրած ու ստեղծագործած է դարեր շարունակ եւ ապա ենթարկուած բռնագաղթի` օսմանեան պետութեան վայրագ հրահանգով:
Յիշենք նոյն ատեն, որ Դաշնակցութիւնը օսմանեան պետութեան Իթթիհատ վէ թերաքքը կուսակցութեան հետ ունեցած է տեսակցութիւններ եւ միտքերու փոխանակումներ, բայց` միշտ յուսախաբութեամբ:
Հատորին մէջ կը կարդանք նաեւ նամակներ` ղեկավար դէմքերու գրիչով փոխանցուած, կուսակցութեան վերաբերեալ տեղեկութիւն տուող:
Համբերութիւն, ժամանակ, պրպտող աչք, հետապնդում եւ աշխատանքային կարգապահութիւն պահանջող իրագործում մըն է «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» այս պատկառելի հատորը, որ կորուստէ կը փրկէ հարիւր եւ աւելի տարիներէ ի վեր պահ դրուած արխիւները, իրենց կարգին «ման եկած» տարագրութեան ճանապարհին, եւ ի վերջոյ ապաստան գտած` Պոսթընի, ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներու կեդրոնին մէջ: Հատորը խմբագրած Երուանդ Փամպուքեան բազմիցս այցելած ըլլալով յիշեալ կեդրոնը` բծախնդրութեամբ կատարած է աշխատանքը ձեւաւորելու գործընթացը եւ հասած` իր նպատակին: Եախտագէտ ու քրտնաջան աշխատանք մը, յարգանքի արժանի:
Այս առիթով հարկ է շնորհակալական խօսք մը բանաձեւել հատորին հրատարակութիւնը լոյսին բերած մեկենաս տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեաններուն:
Գիտութիւնը որքան ալ յառաջդիմէ եւ հրաշքներ իրագործէ, գիրը եւ գրութիւնը անհրաժեշտութիւն են համացանցի «երակներուն ջուր տանելու» համար:
1909-1911 երեք տարիներու ՀՅ Դաշնակցութեան ժողովական կեանքին յստակ պատկերն է հատորը` օրակարգային ամբողջական թեմաներով եւ նիւթերով յագեցած: Կը յուսանք, որ մինչեւ 1915-ի ճակատագրական տարիներու արխիւները եւս կը յանձնուին տպարան, պատրաստակամութեամբ այս պատմական ու կոթողային գործը ստանձնած ընկերներուն:

