ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԴՈԿՏ. ԳՆԷԼ ԴՈՒՐԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի, հայազգի գիտաշխատող դոկտ. Գնէլ Դուրեան երէկ` ուրբաթ, 21 հոկտեմբերի երեկոյեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներ ստեղծելու ծրագիրը:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ, դոկտ. Դուրեան սլայտներու եւ «փաուր փոյնթ»ի նկարներու ցուցադրութեամբ խօսեցաւ յառաջիկայ տասնամեակին Հայաստանի ուժանիւթային այլընտրանքային կարելիութիւններու օգտագործման ծրագիրին մասին: Ըստ իր պատրաստած տասնամեայ ծրագիրին (2010-2020), դոկտ. Դուրեան կը յուսայ, որ 2020-ին կարելի ըլլայ Հայաստանի ուժանիւթի այլընտրանքի հիմնական կարելիութիւններէն` վերանորոգող ուժանիւթի օգտագործումը 17-20 առ հարիւր տարողութեամբ:

Քայլ առ քայլ թուելով իր ծրագիրի հանգրուանները` դոկտ. Դուրեան կեդրոնացաւ Հայաստանի վերանորոգուող ուժանիւթի հիմնական տուեալներուն` ջուրին, արեւուն եւ քամիին վրայ, որոնցմով հարուստ է Հայաստան:

Ապա դոկտ. Դուրեան թուեց Հայաստանի մէջ ծրագրուող հազար մեկաուաթ տարողութեամբ ուժանիւթի կայանի հիմնումի առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները: Վեց միլիառ տոլար պիւտճէ պահանջող նշեալ ծրագիրին հիմնական ջատագովն է Ռուսիա, որ 30 առ հարիւրով պիտի մասնակցի անոր ֆինանսաւորման: Այս ծրագիրը կը միտի փոխարինել Մեծամօրի հիւլէական կայանը, որ 2017-ին պէտք է փակուի` «տարիքը առած» ըլլալուն պատճառով: Հիւլէական նման կայանի մը հիմնումը, ելեկտրական հոսանքին կողքին առիթ պիտի տայ նաեւ երթեւեկի միջոցներու օգտագործման` ծուխ եւ հոտ չարձակող ինքնաշարժներ գործի լծելով: Միւս կողմէ, սակայն, ան կրնայ մեծապէս վտանգաւոր դառնալ, եթէ նկատի ունենանք տխրահռչակ երկրաշարժներու կրկնութեան հաւանականութիւնը, ինչ որ աղէտաբեր հետեւանքներ պիտի ունենայ Հայաստանի վրայ: Այս իմաստով, եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ դէմ են նման կայանի հիմնումին` թելադրելով դիմել վերանորոգուող ուժանիւթին, օգտագործելով Հայաստանի բնական տուեալները` արեւը, ջուրն ու քամին:

Գիտական իր հետազօտութեանց ներկայացման կողքին դոկտ. Դուրեան չծածկեց իր մտահոգութիւնը Հայաստանէն երիտասարդ տարրերու, յատկապէս «ուղեղ»ներու արտագաղթին եւ երկրին մէջ անգործութեան գծով: Ըստ Դուրեանի, նման ծրագիրներու որդեգրումն ու կիրարկումը աշխատանքի զգալի առիթներ կրնայ բանալ հայրենի երիտասարդութեան դիմաց:

 

Share this Article
CATEGORIES