ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԱՐԱ ՔԵՔԵՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. «ԿԵԱՆՔԸ ՄԵՌՆՈՂ` ՔԱՂՑՐ ՅՈՒՇ»

Արան ոչ եւս է: Ան մեկնեցաւ այս աշխարհէն` մեծ բաց մը ձգելով իր ետին, պարապ մը, զոր դիւրին պիտի չըլլայ լեցնել:

Արուեստագէտի խմոր ունեցող տղան էր ան, խանդավառ, միշտ շարժման մէջ, ստեղծագործելու տենդով լարուած: Երաժշտութիւնը եղաւ իր սէրը: Հազիւ աւարտած ուսման շրջանը` հետեւեցաւ դաշնակի դասերու, Ստեփան Էմմիեանի քով, որ վարպետ դաշնակահար արուեստագէտի հռչակ ունէր:

Արա ծնած էր Պուրճ Համուտ, հաւատարիմ մնաց իր ծննդավայրին, ու երբ որոշ հմտութիւն ունեցաւ երաժշտական արուեստին մէջ, հիմնեց իր անձնական երաժշտանոցը Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ նոր կառուցուած շէնքի մը մէջ: Հոն ընդունեց երաժշտասէրներ, դաշնակի, երգեհոնի, կիթառի դասերու հետեւող աշակերտներ, բոլորին հանդէպ բարեացակամ ու խղճամիտ վերաբերումով: Երբ անոնցմէ մէկը երաժշտական գործիքի մը կարիքը ունենար, Արա անմիջապէս կը կատարէր հարկ եղածը նիւթական թէ բարոյական օժանդակութիւնը եւ ենթական ուրախութեամբ կը շարունակէր աշխատանքը:

Արա Քեքեճեան առանձին «դպրոց» մը եղաւ երաժշտական ոլորտին մէջ, Պուրճ Համուտի սրտին վրայ: Ճանչցուեցաւ, եղաւ ծանօթ անձնաւորութիւն: Իր արուեստին եւ գործունէութեան հռչակը տարածուեցաւ, երբ առաջին անգամ ըլլալով յայտնաբերեց մեր գաղութին մէջ մանկական երաժշտութիւն, երգեր, արեւմտահայերէնով: 1970-ական թուականներուն ծնած սերունդը երգել սորվեցաւ Արային քասեթները ունկնդրելով: Սկսաւ «Շոգեկառքը փուֆ, փուֆ, փուֆ»ով, շարունակեց դպրոցի ճամբուն երգով, «Նարի՞նջ կ՛ուզէք, թէ՞ խնձոր», «Ձիաւորին երգը» եւ տասնեակներով այլ երգեր: Ան չմոռցաւ նաեւ երիտասարդ սիրահարները, եւ յօրինեց «Սեդա, Սեդա» կատակախառն երգը:

Արան կը գրէր բառերը, կը յօրինէր  եղանակը եւ կ՛երգէր: Արժանիք մը, որ տաղանդ կ՛ենթադրէ:

Արան կը սիրէր երգել ֆրանսերէն եւ անգլերէն երգեր: Ֆրանսական թեքումով իր ուսումը զինք առաջնորդած էր դէպի ֆրանսական երգի աշխարհը: Ատեն մը ան գործակցեցաւ ֆրանսերէն եւ արեւմտեան երգարուեստի յատուկ երաժշտական հաստատութիւններու հետ: Առիթը տրուեցաւ իրեն երգելու «Ռեթրօ» երգեր, այնքան հաճելի եւ արուեստ բուրող երգեր, որոնց համն ու հմայքը մեր միջին սերունդին ականջներուն եւ շուրթերուն վրայ կը յամենան…

Արուեստագէտ այս տղան չբաւարարուեցաւ այդքանով, եւ երբ դադրեցաւ երիտասարդական խանդավառութիւնը աճեցնելէ, եղաւ երաժշտութեան դասատու եւ ուսուցանեց նոր սերունդի երաժշտասէր զաւակներուն ձայնանիշներու հետ մտերմանալու արուեստը: Զբաղեցաւ երաժշտական գործիքներու վաճառքով: Իր ամբողջ շնորհները տրամադրեց երգին` հայ մատաղ սերունդին օգտակար ըլլալու:

Կը բաւէ ծանրանալ իր յօրինած մանկական երգերու տարածման երեւոյթին, այս մարզին մէջ ռահվիրայի մը դերը կատարելով:

Արա կը սիրէր նաեւ քնարական երաժշտութիւնը: Իր պատրաստած ձայներիզներէն մէկը երբ կ՛ունկնդրէի, հիացայ երգի մը, որ ունէր մեղմ ու յուզիչ եղանակ: Երգին բառերը քնարական բանաստեղծութեան կը վերաբերէին.

Իր սթիւտիոն գացի եւ հարցուցի.

– Արա՛, ո՞վ է այս երգին հեղինակը…

– Վահրամ Մավեանի բանաստեղծութիւններէն է, եթէ կ՛ուզես արտասանեմ.

«Դուրսը անձրեւ ու մշուշ,
Երեկոն է շատ ուշ,
Անձրեւ, անձրեւ ու մշուշ,
Կեանքը մեռնող` քաղցր յուշ»:

Երգին յանկերգն էր…

Ողն ու ծուծով արուեստ բուրող, մշակոյթ տարածող Արային ուրախութիւնը կիսուեցաւ, երբ անողոք հիւանդութիւնը սպառնաց իրեն: Ան քաջաբար տոկաց, արհամարհեց վիշտն ու դժբախտութիւնը աւելի քան 16 տարիներ, մինչեւ որ եղաւ «մեռնող յուշ»:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, բոլորէն սիրուած Արա:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

 

 

Share this Article
CATEGORIES