ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ ՊԷՅԼԷՐԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

«Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս»:

Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ

Կան մարդիկ, որոնք հաւատացած են այս խորհուրդին եւ ծառայած եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին` իրենց թանկագին ժամերը չխնայելով` օգտակար դառնալու իրենց շրջապատին:

Այս մարդոցմէ մէկն էր, որ կը բաժնուէր մեզմէ քառասուն օրեր առաջ. «Պէյլէր» անունով ճանչուած Կարապետ Սաղպազարեանն էր ան: Հիները միայն անուն մականունով կը ճանչնային զայն, կը ճանչնային նաեւ մայրը, որ երկար ժամանակ ծառայելէ ետք եկեղեցւոյ կարծես ժառանգ կամ կտակ ձգած ըլլար իր զաւկին` Պէյլէրի, որպէսզի շարունակէ եկեղեցւոյ ծառայելու աշխատանքը: Այդպէս ալ ըրաւ, քառասուն երկար տարիներ, Սրբոց քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամ ըլլալով` կը ծառայէր շրջանի ժողովուրդին ու օգտակար կը դառնար շրջապատին:

Պարտականութեան գիտակցութիւնը մեծ էր իր մէջ, բնաւ չէր ուզեր բացակայիլ եկեղեցւոյ արարողութիւններէն, կը սիրէր դրամահաւաք նուէր լումաները հաւաքել լայն ժպիտով, ապա բանկալի սեղանէն օրհնուած մասերը բաժնել հաւատացեալ ժողովուրդին:

Իր ունեցած հռչակին համար զինք անուանած էին «Հայր Արաքս»` նկատելով հայրը Արաքս պողոտային: Իր մատուցած ծառայութիւնները նոր թաղականութեան խորհուրդի Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ձեռամբ Պէյլէր պարգեւատրուեցաւ շքանշանով մը: Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան ընթացքին հոգեկան մեծ ուրախութիւն կար վրան, չէր ուզեր բաժնուիլ իր մտերիմներէն, թաղեցիներէ, իր նայուածքը կը սեւեռէր ամէնուրեք` փնտռելու կարիքաւոր անձեր օգտակար դառնալու համար:

Վարձքդ կատար «Պէյլէր», դուն օրինակ դարձար ուրիշին` եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին ծառայութեան: Քեզ յաւերժ միշտ պիտի յիշենք «Պէյլէր» Կարապետ Սաղպազարեան:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ԳԷՈՐԳ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES