ՎԵՐՋԻՆ ՄՈՀԻԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԻՆ ԵՒՍ… ԹՈՐՈՍ ՕՍՄԱՆՃԵԱՆԻ ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Սրտի խօսք: Մենախօսութիւն` երկխօսութեան պէս:
Դափնիներ եւ տիտղոսներ չունէր Թորոսը, բայց ունէր այն, ինչ որ կը պակսի շատերուն. ազգի, հայութեան, անոր լեզուին, մշակոյթին, ինքնութեան ինքնեկ ու խոր հարազատութեամբ ապրումը: Խառնուրդ չհանդուրժող ազգային ապրումներ:
Թորոս այն հազուագիւտ անձերէն էր, որուն բարեկամութիւնը չէր առնչուեր ո՛չ փառքի եւ ո՛չ շահերու:
Հայութիւնը անտաշ ու կարծր ժառանգութիւն էր: Հայրը թատրոն փորձած էր, հայերէն երկեր գրած էր, զորս Թորոս կը պահէր որպէս գանձ: Կարծէք յիշելու համար, որ հայրը ծառայած էր հայ գիրին, խօսքին, բեմին: Ինք ընդունած էր այդ կտակուածը որպէս գանձ, որ իր աշխարհին մաս կը կազմէր: Կ՛ուզէր լոյս ընծայել այդ էջերը, որպէսզի յետնորդները գիտնային:
1960-ականներուն Թորոս Պէյրութի Ճեմարանը եկած էր տարի մը, հայերէն սորվելու, երբ իր տարիքին ուրիշներ ասպարէզի մղձաւանջով կ՛ապրէին, ինչպէս Հայաստան կ՛ըսեն` «փող աշխատելու տենչին անձնատուր կ՛ըլլային: Երբ ուրիշներ իրենց ինքնութեան վրայ քար դնելով` «տեղական լեզուն տեղացիէն աւելի լաւ խօսելու» կիրքով կը տարուէին, Թորոս հայերէն կը սորվէր: Այդպէս ալ մնաց: Օտար բառ չգործածելու համար բառարանը միշտ իր կողքին էր: Այս կ՛ընէր` շրջապատը նեղացնելու գնով: Պայքարելու հաւատարմութիւն մը: Քաղաքական յանձնառութեան ընկերացնելով ազգային-մշակութային որակ մը: Հայերէնը անաղարտ պահելու հազուագիւտ ճիգ մը:
Բոլոր ծանօթներուն եւ բարեկամներուն կը թելադրէր, գրեթէ կը պարտադրէր, որ իրենց համակարգիչներուն մէջ ունենային հայերէն տառերը եւ հայերէնով հաղորդակցէին, որպէսզի այդ արդիական միջոցը մեր ինքնութիւնը աղարտելու փոխարէն` անոր ամրացման ծառայէր: Այդ հայերէնը, Թորոսի համար արեւմտահայերէնն էր, բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հայրենահանուած ժողովուրդի լեզուն: Այդ հաւատարմութեան համար ալ կը սիրէր Պէյրութ երթալ` դրոշմուելու համար: Բաղդատել անոնց, որոնք լատինատառ հայերէն կը գրեն եւ դեռ պրակ ալ կը հրատարակեն` այդ նահանջը կազմակերպելու համար:
Թորոս ինքնատիպ յանձնառու մըն էր, Հայ դատը, հայոց իրաւունքը իրեն համար մնայուն մտասեւեռում էին: Տօնական օրերու զբաղում չէին: Ո՛չ նկարահանող էր եւ ո՛չ լրագրող, բայց երկար ժամանակ յատկացուց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող նկարներ եւ ժապաւէններ գտնելու, եւ մեծ սիրով, հոգ չէ թէ սիրողական կերպով, պատրաստեց Հայ դատի ժապաւէն մը, որ երկար ժամանակ օգտագործուեցաւ հանդիսութիւններու եւ հանդիպումներու ընթացքին, որպէսզի յիշողութիւնը վառ մնայ:
Թորոս ազնիւ եւ յանձնառու ընկեր էր: Վարած է պատասխանատու պաշտօններ, բայց զանոնք չէ համարած անձնական փառք, այլ` ծառայութիւն: Մոռցած է, որ պատասխանատու դիրքի վրայ գտնուած է, եւ այդ բնական էր իրեն համար, քանի որ իր անձը նպատակ չէր: Դաշնակցական էր, Սիմոն Զաւարեանի դաստիարակութեան ըմբռնումով:
Մեծանուն չէր: Գրաբար գրութիւնը կ՛ըսէ` «Մի՛ բարձընտիր լինել ի կոչունս»: Այդպէս եղաւ Թորոս: Ինք եւ իրեն պէս ծառայող համեստ հաւատաւորները կը յիշեցնեն Ռուբէնի նկարագրած տղաքը, որոնց համար ան կ՛ըսէր, թէ կը նմանին Արտամէտի խնձորին, որուն համը տարբեր էր, նոյնիսկ եթէ մէջը որդ ինկած ըլլար:
Այս համն է, որ պիտի պահեն իր հարազատները եւ բոլոր անոնք, որոնք հարազատութիւն ապրած են իրեն հետ:
Եւ իր համեստ, բայց հաւատաւոր հայու կերպարն է, որ յիշատակ կ՛ըլլայ` յօրինակ այլոց:
3 սեպտեմբեր 2011
Նուազի-լը-Կրան, Ֆրանսա

