«ՄԱՄԵԾԻՆ ՏԱՂԵՐԸ». (ՍՕՍԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ)

2011-ին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս տեսաւ «Մամեծին տաղերը» խորագրեալ մանկական հրատարակութիւն մը, զոր պատրաստած եւ նկարազարդած է Սօսէ Խտըշեան-Պէրպէրեան եւ էջադրած` Արմիկ Քէրքէզեան:

Վերոյիշեալ գիրքը նուիրուած է Աղաւնի Պալեանին, որ դուստրն է հանրածանօթ առեւտրական Յակոբ Պախթիարեանին: Աղաւնի Պալեան ծնած է 21 հոկտեմբեր 1920-ին, Թուրքիոյ Էրեկլի կոչուած քաղաքը:

Եղեռնի տարիներուն Պախթիարեան ընտանիքը թրքական կառավարութեան հրահանգով լքեց իր հայրենական օճախը եւ տարագրուեցաւ դէպի սուրիական անապատ:

1915-1922 տարեշրջաններուն, Պախթիարեան ընտանիքը, բնակելէ ետք Թուրքիոյ տարբեր գիւղերուն մէջ, վերջնականապէս վերադարձաւ Էրեկլի: Իրենց պապենական տունը դառնալէ ետք, Աղաւնիին հայրը բաժնուեցաւ իր ընտանիքէն եւ աքսորուեցաւ դէպի թրքական Խարբերդ քաղաքը: Բարեբախտաբար Յակոբ Պախթիարեան փրկուեցաւ աքսորէն եւ կրցաւ ղրկել հեռագիր մը Էրեկլի բնակող իր ընտանիքին, խնդրելով, որ միանան իրեն Լիբանանի Զահլէ գիւղաքաղաքին մէջ:

Սօսէ Պէրպէրեան կ՛ըսէ, թէ այս շրջանին Յակոբին կինը կը հիւանդանայ ու կը մեռնի: Թէ` հակառակ այս իրողութեան: Յակոբ վերամիացաւ իր զաւակներուն Զահլէի մէջ, ուր ծանօթացաւ իր երկրորդ կնոջ` Հայկուհիին, որուն հետ վերամուսնացաւ:

Սօսէ Պէրպէրեան կ՛ըսէ, թէ Յակոբ եւ Հայկուհի կը բախտաւորուին չորս զաւակներով` Հայկ-Օննիկ, Աղաւնի, Պերճուհի եւ Նշան, որոնք կը միանան Յակոբի առաջին կնոջմէն ծնած զաւակներուն` Կարպիսին, Արշալոյսին, Փերուզին եւ Նուարդին: Աղաւնի մեծցաւ տասը անդամներէ բաղկացած այս խաղաղասէր ընտանիքին մէջ եւ յաճախեց Պալըգճեան վարժարան:

Սօսէ Պէրպէրեան կ՛ըսէ, թէ Աղաւնի տասնվեց տարեկանին կ՛ամուսնանայ Գրիգոր Պալեանին հետ եւ կը փոխադրուի Պէյրութի իր նոր բնակարանը: Թէ` 1980-ական թուականներուն սկիզբը, Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, Գրիգոր եւ Աղաւնի կը գաղթեն Ամերիկա` միանալու իրենց դուստրերուն եւ թոռներուն: Ներկայիս Պալեան ընտանիքը, ինչպէս նաեւ անոնց ընկերներն ու նոր բարեկամները կը ճանչնան տիկին Պալեանը իբրեւ «Մամեծ» կամ «Mamedz»:

Իսկապէս, տիկին Աղաւնի բոլորին «մեծ մայրն» է: Թէեւ «Մամեծ» անծանօթ բառ մըն է, բայց մենք վստահաբար գիտենք, թէ կրճատումն է անիկա հայերէն «մեծ մամա» կամ մեծ մայր բառին:

Սօսէ Պէրպէրեան կ՛ըսէ, թէ իր մեծ մայրը` Աղաւնի Պալեան, ունի իւրայատուկ բնաւորութիւն, որով ան ցոյց կու տայ խոհական վարուելակերպ` երիտասարդ սերունդներու նկատմամբ: Ճշմարտապէս լայնախոհ եւ զուարճասէր կին է ան: Թէ` մամեծ էապէս ճանչցուած է իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն շրջանակին մէջ իբրեւ անձ մը, որ կը սիրէ արուեստը, նկարչութիւնը, խոհարարութիւնը եւ ամէն բանէ աւելի` հայ մանուկներու երգերը: Մամեծ խաղացած է առանցքային դեր մը` սորվեցնելով հայերէն լեզու եւ հայերէն մանկական երգեր` իր վեց թոռներուն եւ տասնմէկ մեծ թոռներուն:

Կ՛ըսէ, թէ մամեծ այսպիսի շտեմարան մըն է տեղեկութիւններու, մասնաւորաբար` հայկական բնոյթ ունեցող գիտելիքներու, այնպէս որ գրեթէ բոլորս իրեն կը դիմենք, ամէն անգամ որ մոռնանք երգի մը բառը կամ մատչելի չըլլան մեզի անհրաժեշտ երգարաններ կամ CD-ներ:

Սօսէ Պէրպէրեան կ՛ըսէ, թէ մամեծ, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, կը յիշէ եւ կ՛երգէ տակաւին այն երգերը, զորս սորված էր ան Պալըգճեան վարժարանին մէջ աշակերտական տարիներուն: Իր երգացանկին մաս կը կազմեն` «Արեւ, արեւ», «Մի՛ լար գառնուկ սիրական» եւ «Բադի՛կ, բադի՛կ» երգերը: Իննսուն տարեկանին տակաւին կանոնաւորաբար կ՛արտաբերէ յիշեալ երգերը իր մեծ թոռներուն` երբեք չմոռնալով բառ մը կամ երաժշտական չափ մը: Մամեծ ոչ միայն գոց սորված է այս երգերը, այլ փոխանցած է նաեւ զանոնք գալիք սերունդներուն:

Սօսէ Պէրպէրեան կ՛ըսէ, թէ «Մամեծին տաղերը» խորագրեալ գրքոյկը կը բովանդակէ տասնչորս ոտանաւորներ, զորս մեծ մայրը` սիրելի մամեծը սորվեցուցած է իրենց: Իր թելադրանքն է, որ այդ տասնչորս չափածոյ գրութիւնները մաս կազմեն իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի ազգային աւանդութիւններուն, եւ ամէն բանէ աւելի, գրաւեն իւրայատուկ տեղ մը` հայ մանուկներու սրտերուն մէջ:

Կ՛եզրափակենք «Մամեծին տաղերը» խորագրեալ գրքոյկի մասին վերոյիշեալ ծանօթութիւնները` սոյն գործին տասնվեց տաղերէն կատարելով հետեւեալ մէջբերումը.

«Ծափիկ, ծափիկ, ծիրանի,
Կարմիր խնձոր կը նմանի,
Ոսկի դեղին մազերը`
Հովը թել-թել կը տանի.
Ուր կը տանի` թող տանի,
Հայրիկին պարտէզը թող տանի»:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Սեպտեմբեր 2011
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES