«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՆԴԻՐԸ ԻՐԱՆԻ ԽՆԴԻՐՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՍԱԼԵՀԻ

Սալեհի եւ Տաւութօղլու

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ խնդիրը Իրանի խնդիրն է:

Սալեհի ընդգծած է, որ Իրան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ կողքին է:

Նշելով, որ հանդիպումին ընթացքին մասնաւորաբար քննարկուած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ անոր իրանեան թեւին` Քրտական ազատ կեանք կուսակցութեան (ՔԱԿԿ) դէմ տարուող պայքարին վերաբերող հարցեր, Տաւութօղլու ըսած է. «ՔԱԿ կը սպառնայ թուրքերուն, իրանցիներուն եւ քիւրտերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան: Այդ պատճառով մենք որոշած ենք ՔԱԿ-ի եւ ՔԱԿԿ-ի դէմ պայքարը միացեալ ջանքերով շարունակել»:

Նշենք, որ մէկ օր առաջ Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարի տեղակալ Նաճիրֆան Պարզանի Թուրքիա այցելելով յանուն Հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանային կառավարութեան ցաւակցութիւն յայտնած էր 26 թուրք զինուորներու սպանութեան համար եւ դատապարտած Կորճայքի մէջ ՔԱԿ-ի յարձակումը: Ան նաեւ խոստացած էր ՔԱԿ-ի դէմ պայքարին մէջ յաւելեալ համագործակցութիւն ցուցաբերել` յայտնելով, որ Անգարայի հետ բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի:

 

Share this Article
CATEGORIES