ՄԱԿ-Ի ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց գրասենեակը կոչ ուղղեց Սըրթի մէջ Մոամմար Քազզաֆիի սպանութեան հարցին շուրջ հետաքննութեան յանձնախումբ մը կազմելու:
Գրասենեակի բանբեր Ռոպըրթ Քոլվիլ յայտարարեց, որ «ինչ կը վերաբերի երէկ Քազզաֆիի սպանութեան անոր պայմանները տակաւին յստակ չեն: Կը կարծենք, որ անհրաժեշտ է հետաքննութիւն կատարել»:
Ան մատնանշեց բջիջային հեռաձայնով նկարուած այն նկարները, ուր Քազզաֆի վիրաւոր, սակայն ողջ էր եւ ընդդիմադիր զինեալներով պաշարուած, ապա` սպաննուած: «Ընդհանուր առմամբ նկարները իրապէս նեղացուցիչ են», նշեց ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց գրասենեակի բանբերը:
CATEGORIES Միջազգային

