ԱԿՆԱՐԿ. ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԵՒ ՀԵՏԵՒՈՂ ԴԻՊԱՇԱՐԸ
Վերջին օրերուն հայաստանեան լրատուամիջոցները բաւական լայն տեղ տրամադրած էին համաձայնական կառավարութեան փլուզման, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) յուշագրային պայմանաւորուածութենէն դուրս գալուն, խորհրդարանական ընտրութիւններուն այդ կուսակցութեան առանձին ցուցակներով մասնակցելուն եւ ի վերջոյ նոյն այդ կուսակցութեան կողմէ գործող նախագահին թեկնածութիւնը չպաշտպանելու հաւանականութիւններուն մասին:
Գերաշխուժ վիճակ կայ այս ուղղութեամբ թէ՛ լրագրական եւ թէ՛ քաղաքական շրջանակներուն մօտ: Մինչ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պաշտօնական ներկայացուցիչները կը շարունակեն զուսպ պահուածքով արտայայտուիլ այս իրարանցումին մասին, այսուհանդերձ յստակօրէն չկողմնորոշելով նաեւ հանրային կարծիքը: Ուրեմն մշուշը այս բոլորին վրայ կը շարունակէ յամենալ` չհեռացնելով կրակը արդէն իսկ շիկացած ու լարուած դաշտէն: Այս բոլորը յայտնաբար կապուած են ոչ անպայման ԲՀԿ-ի որդեգրելիք դիրքին, որքան զայն ցուցանիշ նկատելով Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահի քաղաքական դաշտ վերադառնալու կարելիութեան հետ:
Չմոռնանք, որ Ռուսիոյ այսօրուան վարչապետ եւ վաղուան վերանախագահ Փութինի թեկնածու առաջադրումով նմանատիպ քննարկումներ լայնածաւալ տարողութիւն ստացան հայաստանեան լրատուադաշտին մէջ` բեմագրութեան կրկնումը նախատեսելով մեր երկրին համար:
Կը սպասուէր, որ հինգշաբթի օր յստակացում գար տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններուն: Չեղաւ: Հակառակ որ ՀՀԿ-ի գործադիր խորհուրդը գումարեց իր հերթական նիստը, ա՛յս հարցին առնչութեամբ հակասական տեսակէտներ եւ նախատեսութիւններ հնչեցին ՀՀԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կողմէ: Երկուստեք դրսեւորուող զսպուածութիւնը, յստակացումի ուշացումը, տիրող անորոշութիւնը, երեւցող հակասութիւնները ցոյց կու տան, որ մինչ այժմ կը բացակայի դիրքորոշումը: Համաձայնական յուշագիրը կը մնա՞յ ի զօրու, թէ՞ ոչ, յայտնաբար կանխահաս է այդ մասին վճռահատում կատարելը: Տեսականօրէն կայ ի հարկէ երեւոյթները բացատրելու երկրորդ տարբերակը, որ կը թուի նուազ հաւանականութիւն ունենալ: Թէ` երկկողմ լուռ համաձայնութիւն կայ նման լարուածութիւն բեմադրելու, ի վերջոյ յուշագիրը անխախտ պահելու եւ վերստին միաւորուելու գործող նախագահի թեկնածութեան շուրջ: Նուազ հաւանականութիւնը ոչ անպայման դէպքերու աւարտին մասին է, այլ` ենթադրեալ լուռ համաձայնութեան:
Պարզ է, որ այս բոլորին արտաքին հանգամանքը ՀԱՔ-ի երեւոյթն է կամ առաջին նախագահին վայելած այսօրուան վարկին եւ հեղինակութեան աստիճանական նուազումը: Եթէ մէկ կողմէ արեւմտեան քաղաքականութիւնը այսօր իշխանութեան դիրքերու վրայ գործողները համեմատաբար ընկալելի կը նկատէ, միւս կողմէ` ՀԱՔ-համաձայնական դաշինք երկխօսութիւնը յստակ ճեղքեր յառաջացուցած է առաջին նախագահի անմիջական շրջանակին, եւ առ այդ` հետեւող զանգուածներուն մէջ: Յստակ է միանգամայն, որ Տէր Պետրոսեան չի վայելեր նախկին հեղինակութիւնը:
Երկրորդ նախագահին վերադարձի որոշումը սակայն կրնայ վերաթարմացնել ՀԱՔ-ի ուժերը եւ այդպիսով վերաբաշխել ներհայաստանեան քաղաքական դաշտի խաղաքարտերը` ձեւաւորելով նոր հասկացողութիւններ, նոր համաձայնութիւններ, ընտրական նոր դաշինքներ նոյնիսկ:
Նուրբ հաշուարկներու ժամանակաշրջան է յայտնապէս: Տէր Պետրոսեան տատանումներու մէջ է` արմատական կամ երկխօսութեան դիմագիծերու յարափոփոխութեամբ, Քոչարեան տակաւին չէ որոշած կամ առնուազն չէ բացայայտած իր վերադառնալու կամ չվերադառնալու որոշումը, մինչ անորոշութիւնը կը շարունակուի համաձայնական յուշագիրը ի զօրու պահելու առումով:
Ընտրական հանգրուաններու նախասեմը յատկանշող այս իրավիճակին վրայէն մշուշը պիտի փարատի ի վերջոյ: Հարցերը փոխկապակցուած են եւ հանգուցալուծման առաջին քայլին կրնան շատ արագ հետեւիլ յաջորդները: Իսկ եթէ չկայ այդ որոշումը, կացութիւնը պարզապէս կը մնայ ընդհանուր առմամբ նոյնը: Բուն որոշումը երկրորդ նախագահին վերապահուած է: Մնացեալները հետեւող դիպաշարի բաժիններ են:
«Ա.»

