ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

«ԱՅՍՕՐ կէսօրէ ետք ժամը 1:10-1:50 Պէյրութի Միջազգային օդակայանը պիտի փակուի` 40 վայրկեան տեւողութեամբ օդային ցուցադրութեան մը պատճառով», յայտնեց Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Տանիէլ Հայպի:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել մերժեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին դէմ կատարուած ցեխարձակումներն ու յարձակումը: Ան նկատել տուաւ, որ Յոյն ուղղափառ հանդիպումին նպատակն է համախմբել իր բոլոր զաւակները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հարուածելու բեմագրութիւն մը կը պատրաստուի` Պէյրութի մէջ գտնուող միջազգային հաստատութիւններուն դէմ արձակուած սպառնալիքներուն ընդմէջէն:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իր եւ իր հօր` Օմար Քարամէի ունեցած հանդիպումը շատ դրական եւ արդիւնաւէտ եղած է:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթը քաղաքական աղբիւրներէ քաղելով իր տեղեկութիւնները շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ արձանագրուող տարակարծութիւնները կը դրսեւորուին կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան պակասով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան  Թալալ Արսլան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի չհրաժարի. ան աւելցուց, որ ինք մնայուն կերպով կ՛այցելէ Սուրիա եւ հանդիպումներ կ՛ունենայ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ գերիշխանութեան ենթադրեալ պաշտպանները պայքարեցան մինչեւ Լիբանանի մէջ սուրիական դեսպանատան մը բացումը, իսկ այժմ անոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` փակելու համար այդ դեսպանատունը:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներէն մէկը հաստատեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը անկարելի է` աւելցնելով, որ այդ մէկը երբեք կարելի պիտի չըլլայ վաւերացնել:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յառաջիկայ երկուշաբթի օր պիտի այցելէ Լիբանան, ուր Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ պետական պաշտօնատարներուն հետ պիտի քննարկէ կարեւոր թղթածրարներ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի սահմաններուն եւ գերիշխանութեան դէմ սուրիական ոտնձգութիւններ կ՛արձանագրուին: Ապու Ֆաուր պահանջեց սահմանները եւ փոխադարձ գերիշխանութիւնները յարգել:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Ժումաայի, վաղը` կիրակի օր պիտի ուղղուի Լիպիա` շարունակելու համար անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն հարցին հետապնդումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ եկեղեցական աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Պքերքէի եւ Հռոմի միջեւ հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` նախապատրաստելու համար Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Սալհապ նկատել տուաւ, որ ոչ ոք քաղաքական շահեր ունի` կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտելու եւ կամ անոր հրաժարականը պատճառելու իմաստով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամուր հիմերու վրայ դրուած է եւ դիւրին պիտի չըլլայ անոր հրաժարումը:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ընդդիմանալու «Պիել»ի խմբաւորումին եւ անոր կտակած փտած վարչակարգին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի` խնայելու համար Լիբանանը եւ գիտակցելով, որ ան ոչինչ պիտի կարենայ իրագործել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES