ԺԵՄԱՅԷԼ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՈՒՏԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ժեմայէլ շեշտեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին իր այցելութիւնը կը փաստէ իր սէրն ու յարգանքը անոր նկատմամբ:
Ժեմայէլ դրուատեց Աուտէ եպիսկոպոսին դերակատարութիւնը` ազգային գետնի վրայ քրիստոնեաները համախմբելու առումով:
Միւս կողմէ, Ժեմայէլ նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է ազգային միասնականութեամբ ամրապնդել լիբանանեան ներքին կացութիւնը, որպէսզի Լիբանան այլոց յեղափոխութիւններուն տուրքը չվճարէ:
Ժեմայէլ շեշտեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը պահպանել զինք շրջափակող շրջանային բոլոր զարգացումներէն:
«Կը կարծեմ, որ Լիբանանի դիմագրաւած ամէնէն վտանգաւոր հարցը անիշխանութիւնն է եւ անորոշութիւնը, որովհետեւ լիբանանեան պետութիւնը անկարող է դէմ դնելու հիմնական հարցերուն եւ թղթածրարներուն», ըսաւ Ժեմայէլ:


