ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՇԱՐՊԵԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԻՆ ՀԵՏ

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Քլոտ Կիյանի հետ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Ներքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց ներքին ապահովութեան ուժերուն արհեստավարժութիւնը`  ընդգծելով անոնց ճիգերուն կարեւորութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ ոճիրներուն դէմ դնելու առումով:

Շարպել քննարկումի ենթարկեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միացեալ մարզումները` ֆրանսական ուժերու յատուկ մարզումի անձնակազմերուն հետ` ընդգծելով իրարու փորձառութիւնները բաժնելու եւ անոնցմէ օգտուելու անհրաժեշտութիւնը:

Շարպել Կիյանի յանձնեց Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը:

 

Share this Article
CATEGORIES