ՄԱՆՍՈՒՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱՍՐԻ ԽՈՒՐԻՆ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ներքին կացութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Խուրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան-սուրիական խորհրդակցութիւնները մնայուն կերպով պահպանել, ինչպէս նաեւ ջանք թափել ամրապնդելու համար Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Խուրի նշեց, որ իր այցելութեան նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւններուն քննարկումը եւ ոչ թէ որոշ պատգամի մը փոխանցումը:

Անդրադառնալով սուրիական ուժերուն հիւսիսային Լիբանան մուտք գործելուն` Խուրի շեշտեց, որ այդ հարցը իրենք մնայուն կերպով կը քննարկեն լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն հետ: Ան դիտել տուաւ, որ սուրիական ուժերը ոտնձգութիւններ չեն գործած լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` աւելցնելով, որ այդ հաստատումը կատարած է նոյնինքն լիբանանեան բանակը:

Խուրի աւելցուց, որ սուրիական ուժերը Արսալի շրջան մուտք գործած են` նկատել տալով, որ այդ շրջանին մասին արդէն իսկ տարբեր մեկնաբանութիւններ կան` հողին պատկանելիութեան առումով:

Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Խուրի յայտնեց, որ ներկայիս Սուրիոյ կացութիւնը շատ աւելի լաւ է:

 

Share this Article
CATEGORIES