ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ՍԿՍԱՒ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ԻՐ ԴՌՆՓԱԿ ՆԻՍՏԻՆ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ առաւօտեան Պաապտայի Քնայսէի Անտոնեան հայրերու վանքին մէջ սկսաւ օրէնսդրական իր դռնփակ նիստին` նախագահութեամբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
2009-ին Պէյթ Շապապի մէջ տեղի ունեցած Ա. դռնփակ նիստէն ետք, այս հանդիպումը կը նկատուի երկրորդը:
Առաւօտեան ժամը 8:00-ին մատուցուած պատարագէն ետք, համախմբումը իր դռնփակ նիստը սկսաւ զօր. Միշել Աունի արտասանած բացման խօսքով:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է քննարկել 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը` ընդգծելով, որ անկարելի է ընդունիլ այդ նախագիծը, որ սխալներով լեցուն է:
Դռնփակ նիստին ընթացքին խօսք առին նաեւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս, ինչպէս նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն, որ շեշտեց, թէ համադաշնակցութիւնը կտրականապէս կը մերժէ տնտեսական խորհուրդներուն առաջարկը` համաձայն գտնուելով կառավարութեան եւ անոր տեսակէտին:
Ղոսըն շեշտեց, որ եթէ տնտեսական խորհուրդները մերժեն գործադրել կառավարութեան որոշումը, ապա իրենք վերստին պիտի կատարեն գործադուլ եւ նստացոյց` պահանջելով կատարել կառավարութեան որոշած նիւթական յաւելումները:
Դռնփակ նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ:

