ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՆԱՍՐԻ ԽՈՒՐԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Վարչապետ Միքաթի` Նասրի Խուրիի...

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ  ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ են` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է քաղաքական, ապահովական, թէ տնտեսական մարզերուն պարագային այդ յարաբերութիւնները աւելի եւս խորացնել:

Պատասխանելով լիբանանեան սահմաններ մուտք գործող սուրիական ուժերուն վերաբերող հարցումի մը` Խուրի ըսաւ, որ լիբանանեան բանակը մնայուն կերպով կը գործակցի սուրիական ուժերուն հետ դիտել տալով միաժամանակ, որ կարելի չէ հիւսիսային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ արձանագրուած շարժումները լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն նկատել:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ խորհուրդի դիւանի անդամ Սօսի Փոլատեան:

եւ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան հետ

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ նախկին նախարար Ուաֆա Համզա, որ յայտնեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած են խորհուրդին տրամադրուող տարեկան պիւտճէի յաւելման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնեաներու նշանակումներուն պարագային կիներու նշանակման անհրաժեշտութիւնը:

Համզա յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու նշանակման պարագային կիները անտեսելու վարուելակերպը բացթողում կը նկատուի, որովհետեւ կան մեծ թիւով իգական սեռի ներկայացուցիչներ, որոնք ատակ են ստանձնելու հսկայ պատասխանատուութիւններ եւ յաջողցնելու լուրջ աշխատանքներ: Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Իպրահիմ պըն Աուտէ Հասին, որ շեշտեց, թէ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է արաբական աշխարհին կապուած զարգացումները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները` յօգուտ լիբանանցիներուն: Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ կառավարութեան ձախողութեան վրայ գրաւներ դնող կողմերը ձախողած են եւ այս կամ այն կողմերուն փափաքները չէ որ կ՛ուզեն արտայայտել:

 

Share this Article
CATEGORIES