ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՀԱԶԻՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԻՋԻՆԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման կը դիմաւորէ Հազիմ պատրիարքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յոյս յայտնեց, որ Լիպիոյ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները վերջ գտնեն եւ Լիպիոյ մէջ բացուի նոր էջ մը, որ փայլուն ըլլայ` առիթ ընձեռելով կերտելու ժողովրդավարական եւ արդի պետութիւն մը:

Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ Լիպիա վերադառնայ արաբական աշխարհին գիրկը եւ ամբողջական դերակատարութիւն ունենայ Արաբական լիկային առաքելութեան ծիրին մէջ:

Նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ

պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան կարեւորութիւնը:

Հազիմ պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք չեն ուզեր, որ յոյն ուղղափառ համայնքին հետ վարուին իբրեւ փոքրամասնութիւն, որովհետեւ յոյն ուղղափառ համայնքը ունի պատմական մեծ դերակատարութիւն, եւ Լիբանանի ու Արեւելքի մէջ կը գոյատեւէ իբրեւ քաղաքականութիւն եւ քաղաքակրթութիւն:

Հազիմ պատրիարքը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մաղթեց յաւելեալ կայունութիւն եւ բարգաւաճում:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ  նախկին նախարար Նաժի Պուսթանին եւ Թրէյսի Տենի Շամունը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES