ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԿԸ ԽՕՍԻ ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապը Եւրոպայի մէջ այն եզակի սառեցուած տագնապներէն մէկն է, զոր կարելի է լուծել:

Խօսելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումներէն իր ստացած տպաւորութիւններուն մասին` Ռուսիոյ նախագահը ըսած է, որ «երկու նախագահներու շրջապատները իրարու հետ դիւրին կերպով լեզու կը գտնեն եւ հայերէնէն դիւրութեամբ կ՛անցնին ազրպէյճաներէնի եւ հակառակը, ատիկա գաղտնի կը պահուի: Նախագահներն ալ իրարու հետ դիւրին լեզու կը գտնեն. երբ միասին նստած կ՛ըլլանք սեղանի շուրջ, անոնք շատ լաւ կը յարաբերին»:

Նշելով, որ ղարաբաղեան տագնապին մէջ գոյութիւն ունին իսկական բարդութիւններ, Մետվետեւ ընդգծած է, որ «Ռուսիա անկասկած  պիտի շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման: Ի վերջոյ, այդ բարդ, սակայն լուծելի խնդիրի լուծումը կախեալ է երկու ժողովուրդներու եւ նախագահներու բարի կամքէն, եթէ անոնք զիրար լսեն, քիչ մը ընդառաջեն իրարու եւ փոխզիջումներ գտնեն»:

Share this Article
CATEGORIES