ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ՀԱՍՏԱՏԵՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ` ՎՐԱՍՏԱՆ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պիտի ուղեկցի՞ նախագահ Սերժ Սարգսեանին նոյեմբերի սկիզբը Վրաստան կատարելիք այցելութեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան նշեց, որ իր ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն, նոյեմբերի առաջին կիսուն հանրապետութեան նախագահին օտարերկրեայ այցելութիւն չէ նախատեսուած:
Հայաստանի նախագահին Վրաստան կատարելիք եռօրեայ այցելութեան մասին 18 հոկտեմբերին յայտարարած էր Վրաստանի նախագահի մամլոյ բանբեր Մանանայ Մանճղալածէն: Հայկական կողմը այդ տեղեկատուութիւնը տակաւին պաշտօնապէս չէ հաստատած:
CATEGORIES Հայկական

