ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆ ՈՒ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԸ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու հայկական հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան գոհունակութեամբ նշեց, որ անվտանգութեան խորհուրդներու ծիրին մէջ տեղի ունեցող խորհրդակցութիւնները արդէն իսկ բարի աւանդութիւն դարձած են, ինչ որ կը նպաստէ ներկայ հարցերու արդիւնաւէտ լուծման:
Նախագահ Սահակեան երէկ նաեւ ընդունեց Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանը:
Հանդիպման կը մասնակցէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փրկարար ծառայութեան տնօրէն Արթուր Յարութիւնեան: Անոր ընթացքին քննարկուեցան երկու հայկական հանրապետութիւններու համապատասխան կառոյցներուն միջեւ կապերու խորացման եւ ընդլայնման վերաբերող հարցեր:

