ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն պահ մը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէն  (Ֆրանսա), Ռոպերթ Պրատքէն (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:

Հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին վերաբերող հարցեր: Սերժ Սարգսեան եւ Մինսքի խմբակի համանախագահները խօսեցան նաեւ տագնապի կողմերուն միջեւ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին:

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:

Հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան քննարկումները ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ:

Միջնորդներու հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը` անդրադառնալով առանց հիմնարար սկզբունքներու համաձայնութեան անմիջապէս խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակման անցնելու վերաբերեալ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն, յայտնեց, որ այսպիսի դիրքորոշում մը կը հակասէ բանակցային հոլովոյթի տրամաբանութեան եւ բնականաբար նաեւ համանախագահներու մօտեցումներուն, որոնց մասին բազմիցս յայտարարուած է հրապարակային կերպով:

 

Share this Article
CATEGORIES