ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏՂՈՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ 2011-2012 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ

– ՎԻԳԷՆ ԷՍՔԻՃԵԱՆ ԵՒ ՆԱՐԵԿ ԶԱՏԻԿԵԱՆ` ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ՄԻԱԿ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ
– 20 ՕՏԱՐ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԷՆ 16-Ը` ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ

Հուփս – Անիպալ Զահլէ բացման մրցումով, այսօր` շաբաթ, 22 հոկտեմբերին կը սկսի Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 16:00-ին: Վաղը տեղի պիտի ունենայ մրցում մը, իսկ երկուշաբթի օր` երկու ճակատում:

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ մարզական լրագրողներուն ուղարկեց Ա. դասակարգի տասը խումբերուն ամբողջական կազմերը, որոնք պաշտօնապէս արձանագրուեցան իր մօտ:

Անդրանիկ Պէյրութի մաս կազմող Վիգէն Էսքիճեան եւ Նարեկ Զատիկեան կը հանդիսանան միակ հայ մարզիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս տարեշրջանի ախոյեանութեան:

Ինչ կը վերաբերի օտար մարզիկներուն, 20 մարզիկներէն 16-ը ամերիկացի են: Իսկ մնացեալ չորսը երկու նիկերիացի, մէկ թրինիտատցի եւ մէկ եգիպտացի են:

Կը գտնուին նաեւ երեք հայեր, որոնք օգնական մարզիչներ են: Անոնք են` Տիգրան Կէօքճեան (Ռիատի Պէյրութ), Գրիգոր Գրիգորեան (Մութթահետ) եւ Վիգէն Էսքիճեան (Անդրանիկ Պէյրութ):

Կը գտնուի նաեւ այլ հայ մը` Նորայր Պուչաքճեան, որ Անիպալ Զահլէի խումբին մէջ ստանձնած է թեքնիք պատասխանատուի պաշտօնը:

Ստորեւ կու տանք Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

Շաբաթ, 22 հոկտեմբեր     Ժամ  Դաշտ
Հուփս – Անիպալ Զահլէ     16:00 Միշել Մըր

Կիրակի, 23 հոկտեմբեր
Անդրանիկ Պէյրութ – Մութթահետ 16:00 Տեմիրճեան

Երկուշաբթի, 24 հոկտեմբեր
Հաուշ Ումարա – Ռիատի Պէյրութ   18:00 Զահլէ
Շանվիլ – Պաժժէ                            18:00 Շանվիլ

 

Share this Article
CATEGORIES