ՍԱՄՊՕ – ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած պատանիներու եւ երիտասարդներու Սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, հայազգի մարզիկ Արմէն Վարդանեան, որ կը ներկայացնէր Ուքրանիան, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Նշենք, որ ան իր փորձերը կը կատարէ հսկողութեամբ Ուքրանիոյ փորձառու մարզիչներէն Եուրի Օսիպեանի:

Հայաստանի հաւաքականին համար աշխարհի ախոյեանութեան ոսկի մետալի տիրացած է Գրիգոր Մխիթարեան, արծաթ մետալի` Տիգրան Կիրակոսեան, իսկ պրոնզէ մետալի արժանացած են Մաքսիմ Մանուկեան, Կարէն Տոնոյեան, Մհեր Կարապետեան եւ Ռոզա Խաչատրեան:

 

Share this Article
CATEGORIES